2009-11-29 14:11:30

Հայազգի նշանաւոր անձր - Հայութեան եւ Հոնկ Քոնկի հպարտութիւնը` Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեան


Հայազգի նշանաւոր անձր - Հայութեան եւ Հոնկ Քոնկի հպարտութիւնը` Խաչիկ Պօղոս Աստուածատուրեան

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԵԾ ՍԻՐԱՀԱՐԸ - 1910 թուականի 17 օգոստոսին Լոնտոնի մէջ 64-ամեայ Խաչիկ Աստուածատուրեան առաջին անգամ կամուսնանայ։ Անոր ընտրեալը շուէտուհի էր՝ 31-ամեայ Մարիա Քրիսթին Փիըրսըն, որ իր ամուսինին համար դարձած է կեանքի իսկական ընկեր՝ բաժնեկիցը դառնալով անոր անկումներուն ու վերելքներուն։

Խաչիկ Աստուածատուրեանը նաեւ արուեստի մեծ սիրահար էր ունէր չինական յախճապակիի եւ հարիւրաւոր արժէքաւոր գեղանկարներու հարուստ հաւաքածոյ։ 1920-ական թուականներուն անիկա կը գնահատուէր երկուքուկէս միլիոն տոլար։ Այսօր անոր հաւաքածոյէն բազմաթիւ նմուշներ կը ցուցադրուին Հոնկ Քոնկի զանազան թանգարաններու մէջ, իսկ հիմնական մասը՝ Հոնկ Քոնկի Արուեստի թանգարանին մէջ։

Խաչիկ Աստուածատուրեան նաեւ մարզանքի մեծ սիրահար եղած է։ Խաղցած է Հոնկ Քոնկի Քրիքէթ Քլապի մէջ (գնդակախաղի ակումբ)։ Հայ բարերարը 1865-1925 թուականներուն մասնակցած է նաեւ Հոնկ Քոնկի ձիավարժութիւններու ակումբի բոլոր հաւաքներուն՝ արժանանալով բազում մրցանակներու։ 1892 թ-էն մինչեւ իր մահը ան եղած է այդ ակումբին նախագահը։ Անոր անձնական ձիերը շահած են ամէնէն շատ պարգեւները՝ ակումբի պատմութեան ընթացքին։ Նոյնիսկ ձիերը հպարտութիւն բերած են իրենց տիրոջը՝ զայն երբեք չմատնելով պարտութեան։ Ի պատիւ մեծ հայորդիին՝ այսօր Հոնկ Քոնկի ձիավարժութիւններու ակումբի յաղթողներուն տրուող բաժակը կը կոչուի Խաչիկ Աստուածատուրեան։ Այստեղ ի միջի այլոց նշենք, որ ձիավարժութեան հանդէպ սէրը եւ ձիերու միջոցով դրամ շահիլը յատուկ է բոլոր կալկաթահայերուն։ Բազմաթիւ հայեր մեծ գումարներ շահած են այդ միջոցով, եւ նաեւ՝ հակառակը, կորսնցուցած են իրենց ամբողջ ունեցուածքը։



ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀՈՆԿ ՔՈՆԿԻ ՀԱՅՐԸ - 1926 թուականի 26 մայիսին Ժամանակակից Հոնկ Քոնկի հայրը կը կնքէ իր մահկանացուն։ Իր ցանկութեան համաձայն, ան յուղարկաւորուած է 12 ժամուան ընթացքին։ Գոցուած է սակարանը, ինչպէս նաեւ՝ կարեւոր բոլոր հաստատութիւնները, եւ մարդիկ փութացած են Հոնկ Քոնկի Սուրբ Յովհաննէս Մայր տաճար՝ իրենց վերջին հրաժեշտը տալու այս մեծ հայորդիին։

Լրագիրները գրած են, որ այդ օրը ծաղիկներու խանութներուն մէջ այլեւս ծաղիկ չէր մնացած։ Զայն թաղած են բողոքական Հափի Վալի գերեզմանատան մէջ՝ իր եղբօր՝ Յովսէփ Աստուածատուրեանին քով։ Խաչիկ Աստուածատուրեանի կտակին համաձայն, իր ամբողջ ունեցուածքը անցած է Հոնկ Քոնկի կառավարութեան։ Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ ցրուած են անոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ժառանգները, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ Հոնկ Քոնկ այցելած են 2005-ի մայիսին՝ Կալկաթայի եկեղեցական վարչութեան կազմակերպած ուխտագնացութեան ժամանակ։ Անոնցմէ շատերուն համար նորութիւն էր իրենց ազգականին կենսագրութեան մանրամասնութիւնները, որոնց ծանօթացած էր ուխտագնացութեան օրերուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.